Հայաստանի Նախագահական Ընտրութիւնը` 18 Փետրուար 2013-ին։
Շաբաթ 8 Դեկտեմբերին, Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահ Տիգրան Մուկուչեան յայտարարեց,
որ 2013 թուականի նախագահական ընտրութիւնը Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ 18 փետրուարին: Միւս
կողմէ, 8 Դեկտեմբերին Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեան հանդիպում
ունեցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ: Ըստ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին,
նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած այս հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են 18 փետրուարին
տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան հետ կապուած հարցեր: